2016-04-11 13:46:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցութիւնը` Հնդկաստանի Փութթինկալ տաճարի մէջ հրդեհի զոհերուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 10 ապրիլ 2016-ին, Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, ցաւակցական հեռագիր մը ուղղեց յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին, որուն մէջ յայտնեց Նորին Սրբութեան կսկիծն ու ցաւը ի լուր Հնդկաստանի Քերալա շրջանի` Փութթինկալ տաճարին մէջ տեղի ունեցած ողբերգականն հրդեհին'' որուն զոհերու թիւ հասած է 110 մեռեալի եւ 350 վիրաւորներու։ Նորին Սրբութիւնը ապա իր ցաւակցութիւնները յայտնած է մեռեալներու ընտանիքներուն եւ վիրաւորներուն, աղօթելով բոլոր անոնց համար որոնք թիրախ դարձան այս ահաւոր ողբերգութեան ինչպէս նաեւ շտապ օգնութիւն մատուցողներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ համայն ազգին համար հայցած է Աստուածային օրհնութիւնը` խաղաղութեան եւ քաջութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.